
Փետրուարի 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն տուժած է նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող հայկական Եագուպիէ գիւղը։ Այնտեղ կան աւերներ, վնասուած է նաեւ հայկական Ս. Աննա եկեղեցին։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. խոր ցաւով տեղեկացուցած է Եագուպիէ գիւղի աւերակներուն մասին։ Ս. Աննա պատմական եկեղեցի ըլլալով, մեր ժողովուրդին համար դարձած էր ուխտատեղի։
Կաթողիկոսարանին հաղորդմամբ, Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանի հետ եւ մանրամասն տեղեկացած երկրաշարժէն ետք մեր ժողովուրդի զաւականերուն վիճակին մասին։
«Մեր պատասխանատուները յատուկ հոգածութիւն եւ խնամք կը ցուցաբերեն եօթ կեդրոններու մէջ ապաստանած հայորդիներուն՝ անոնց համար հայթայթելով այն, ինչ որ անհրաժեշտ է։ Այս առիթով համայնքի պատասախանատուները Նորին Ս. Օծութեան փոխանցած են, որ յատուկ յանձնախումբը սկսած է վնասուած տուներուն վերաբերեալ արձանագրութիւն կազմելու աշխատանքները»,- կը յայտնեն կաթողիկոսարանէն։
Արեւմտեան Հայաստանը ցաւով կ’արձանագրէ հերթական մշակութային կոթողի վնասուելուն լուրը։ Սակայն այնտեղ, ուր հայեր կ’ապրին, կրկին փիւնիկի նման պիտի յառնինք, եւ շէնցնենք մեր համայնքերը։

