Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Գորիսի տարածաշրջանին կապող կեանքի ճանապարհի փակման հետեւանքով Արցախի քաղաքաշինութեան ոլորտը ամէն օր կը շարունակէ մեծ վնասներ կրել, «Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՀ Քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ Արամ Գասպարեան։ 

«Վառելանիւթն ու աշխատոյժը Գորիսի տարածաշրջանով Արցախ տեղափոխելու հետ կապուած խնդիրներուն պատճառով ոլորտին մէջ այս պահուն գրեթէ բոլոր ծրագիրները կասեցուած են։ ՀՀ-էն կը ներկրուէր նաեւ իրականացուող շինարարական աշխատանքներուն համար նախատեսուած շինանիւթի մեծ մասը։ Ելեկտրականութեան խափանումներն ալ իրենց հերթին թոյլ չեն տար ծրագրուած կերպով աշխատիլ»,- նշած է Ա. Գասպարեան։

Ա. Գասպարեան ընդգծած է, որ եթէ շրջափակումը  շարունակուի, 1-2 ամիս անց   բոլոր շինարարական աշխատանքներն ամբողջութեամբ պիտի դադրեցուին։

Ըստ Արամ Գասպարեանի, 2023 թուականին նախատեսուած էր շահագործման յանձնել մօտ 800 բնակարան կամ առանձնատուն։ 

Արեւմտեան Հայաստանը դատապարտելով ատրպէյճանական թշնամական գործողութիւնները, որուն պատճառով փակ է Արցախը Գորիսի տարածաշրջանին կապող ճանապարհը, միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այսօրինակ դէպքին վրայ, շեշտադրելով ատրպէյճանական ցեղապաշտ քաղաքականութիւնը։ Արցախ ապրող բնիկ հայերը ունին բոլոր իրաւունքները շարունակելու ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ, անկախ այն բանէն, թէ քոչուոր ատրպէյճանցիները այն կը ցանկան,  թէ ոչ։