Լոյս ընծայուած հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Նազելի Մարգարեանի «Հայոց լեզուի տարիքի եւ տոմարի սկզբնաւորման շուրջ» աշխատութիւնը:

Գիրքին մէջ հեղինակը, համադրելով արդի համաշխարհային գիտական հանրութեան քաջածանօթ լեզուաբաններու, հնագէտներու, ծինագէտներու, մարդաբաններու ուսումնասիրութիւններն ու դիտարկումները եւ անոնց  աւելցնելով Անանիա Շիրակացիի թուաբանական  եւ տոմարական հաշուարկներուն մէջ յիշատակուած թիւերը, յանգած է այն եզրակացութեան, որ յիրաւի հայոց լեզուն կրնայ համարուիլ հնդա-հեթական նախալեզուի անմիջական հարազատ ժառանգը։ Աշխատութեան մէջ նախ շարադրուած են հարցին վերաբերեալ հետազօտողներու շարք մը հիմնաւորումներ, ապա բերուած է հայոց նախահայր Թորգոմի տունէն սկիզբ առած հայ ցեղի ծննդեան վկայականը։

Նազելի Խաչիկի Մարգարեան աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ճիւղը։ 2001թ․ ան նոյն հաստատութեան մէջ պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն՝ «Հայնրիխ Հայնէ եւ հայ գրականութիւնը» վերնագիրով։ Նազելի Մարգարեանի գիտական ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են հայագիտական հետազօտութիւններու վրայ։