«Մոսկուա» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրարտու. Մոռցուած թագաւորութիւն» պատմական փաստագրական տրամա ժանրի մէջ նկարահանուած առաջին լիամեթրաժ ֆիլմի շնորհանդէսը։

Ֆիլմի բեմադրիչն է Վակա Վարդանեան։

Այս առաջին ֆիլմն է, որ նուիրուած Հայաստանի հնագոյն պատմութեան։

Ֆիլմը նկարահանուա է «HAYASA» ‘եւ «PARA TV» արուեստանոցներուն կողմէ: Ֆիլմի առաջին մասը ցուցադրուած է նաեւ սպանական RTVE հեռուստակայանին եթերով։

Պատմական արժէք ունեցող ֆիլմը նկարահանուած է Հայաստանի մէջ՝ Արարատեան դաշտին եւ ուրարտական քաղաքներու տարածքներուն մէջ: Ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն ներգրաւուած եղած են նաեւ պատմաբաններ, հնագէտներ: Անոնց շարքին են ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Միխայիլ Փիոթրովսքի՝ Էրմիտաժէն, Իրուինկ Ֆինքըլ՝ Բրիտանական թանգարանէն:

Փաստա-վաւերագրական ֆիլմին մէջ յայտնի պատմաբանները եւ գիտնականները կը ներկայացնեն կարեւոր եւ յիշատակման արժանի փաստեր, որոնք եւս մէկ անգամ կ’ամրագրեն հայկական պետութեան եւ պետականութեան ձգած դարաւոր մշակութային ու պատմական արժէքին մասին։

Արեւմտեան Հայաստանը կը շնորհաւորէ ֆիլմի ստեղծագործական խումբը նման արժէք ստեղծելուն եւ հանրութեան ներկայացնելուն համար, շեշտելով, որ անչափ կարեւոր է պատմական փաստերը վեր հանել, քանզի անոնք ամէն վայրկեան կեղծման փորձի կ’ենթարկուին մեր թշնամիներուն կողմէն։