Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրար յաջորդած աւերիչ երկրաշարժներուն հետեւանքով հազարաւոր մարդիկ զոհուեցան, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ մնացած են անօթեւան։

Երկրաշարժներէն տուժած Սամոսատի մէջ (Ատըեաման) հարիւրաւոր շէնքեր աւերուած են։ Ժողովուրդը կը շարունակէ դուրսը օգնութեան սպասել՝ ցուրտ եղանակին, դժուարին պայմաններու մէջ։ Բնակիչները այսպէս ներկայացուցած են իրավիճակը. «Պետութիւնը շատ ուշ օգնեց մեզի, եւ Սամոսատի մէջ ոչինչ մնացած էր։ Քաղաքի կեդրոնը եւ գիւղերուն մէջ տակաւին քանդուած շէնքեր կան, որոնց ուշադրութիւն չէ ցուցաբերուած։ Փլատակներուն տակ դեռ դիակներ ունինք, որոնք հոտ կը տարածեն»:

Ըստ ձեռք բերուած տուեալներուն, Սամոսատի մէջ չկայ լոյս, ջուր, համացանցային կապ, ժողովուրդը շատ ծանր վիճակի մէջ է։ Անվնաս շինութիւն գրեթէ չկայ։ Բոլոր շէնքերը աւերակ են, չկայ ընտանիք, որ փլատակներու տակ մնացած հարազատ չունենայ։ Ընդհանուր առմամբ, մարդոց բարոյահոգեբանական վիճակը ծանր է։ Ո՛չ արտակարգ իրավիճակներու վարչութտան, ո՛չ ոստիկանութեան փրկարար, ո՛չ զինուոր, ո՛չ ոստիկան այստեղ գոյութիւն չունի։ Ականատեսներու խօսքով, կառավարութիւնը չկրցաւ բաւարար  չափով մարդոց օգնել:

Սամոսատի Տանտըրմազ գիւղի տուներուն մեծ մասն աւերուած է, թէեւ գիւղացիները կը բախին կացարանային ու սնունդի խնդիրներու, սակայն պետութենէն օգնութիւն չէ ստացուած։ Գիւղացիներն այսպէս կը պատմեն․ «Մեր զոհուած հարազատները մեր միջոցներով թաղած ենք, բայց մեր անասուններն ու իրերը մնացած են փլատակներու տակ։ Օգնութիւնը կու գայ միայն քաղաքացիներէն, մինչեւ օրս պետութենէն օգնութիւն չէ եկած»։

Արդեօք այս անտարբերութիւնը պայմանաւորուած չէ՞ անով, որ Սամոսատի մէջ մեծ թիւով ծպտուած հայեր կ’ապրին։

Հաշուի առնելով բռնազաւթիչ Թուրքիոյ անգործութիւնը, յատկապէս այն շրջաններուն մէջ, ուր ծագումով հայերը մեծամասնութիւն կը կազմեն, Արեւմտեան Հայաստանը ձեռնարկած է  շարք մը գործողութիւններ բնակիչներուն առաջին օգնութեան անհրաժեշտ պարագաներու տրամադրման համար։ Հայ Ճամբան մարդասիրական եւ նիւթական օգնութիւն  կը հաւաքագրէ, որպէսզի փոխանցէ Արեւմտեան Հայաստան ապրող՝ երկրաշարժէն տուժած մեր բնակչութեան։ Անոնք որոնք ցանկութիւն ունին աջակցելու կրնան կապ հաստատել Հայ Ճամբայ միութեան  հետ։