Փետրուարի 12-ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ կազմակերպուած է խաղաղ ցոյց՝ Արցախի երիտասարդ մայրերու մասնակցութեամբ եւ  ֆէյսպուքեան տիրոյթի վրայ շրջափակման առաջ բերած խնդիրներու քննարկման ու համատեղ յաղթահարման համար ստեղծուած ընկերային  խումբի նախաձեռնութեամբ։

«Այսօր Արցախ կ’ապրի իր պատմութեան դժուարին հանգրուաններէն մէկը։ Իսկ արցախցին, զրկուած ըլլալով կեանքի համար անհրաժեշտ տարրական պայմաններէն, կը շարունակէր ամուր կառչած մնալ հայրենի հողին։ Այդ բոլորով պայմանաւորուած` որոշեցինք նախաձեռնել այսօրուան ցոյցը` եւս մէկ անգամ բարձրաձայնելու մեր երեխաներուն ոտնահարուած իրաւունքներուն մասին։ Որպէս խորհրդանիշ, ընտրած ենք մանկան ձեռքը, որ ուրոյն խորհուրդ ունի»,- «Արցախփրէս»ի թղթակիցին ներկայացուցած է նախաձեռնութեան հեղինակ Անի Հայրապետեան։

Ցոյցի աւարտին մայրերուն հետ Վերածնունդի հրապարակ եկած փոքրիկները գունաւոր կաւիճներով խորհրդանշական պատկերներ նկարեցին։

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ Արցախ ապրող բնակիչներու տոկունութիւնն ու համախմբուածութիւնը՝ ազատ ու խաղաղ  ապրելու համար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը այսօր իր օրինակով կը փորձէ բարձրաձայնել բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած խնդիրին մասին, որուն պէտք է միջազգային կառոյցները համապատասխան արձագանգ տան։ Ատրպէյճան կը խախտէ Արցախ ապրող բնիկ հայերու իրաւունքները, ցանկալով այս ճանապարհի փակումը աւարտել հայերու ցեղային զտումով, իսկ այդ մէկը մենք թոյլ տալ չենք կրնար։