
Արցախեան առաջին ազատամարտի մասնակից, «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանի ասպետ, «Ազատագրական բանակ»ի «Արցախ ճակատ»ի հրամանատար
Վլատիմիր Բալայեան ծնած է 1958 թուականի Փետրուարի 14-ին Մարտակերտ շրջանի Մոխրաթաղ գիւղը: Երբ Արցախեան շարժման խաղաղ ցոյցերուն փոխարինեց զինուած պայքարը, Վլատիմիր առաջին գիծի վրայ էր՝ որպէս ջոկատի հրամանատար: Վաճառած էր սեփական ինքնաշարժը, զէնք գնած էր եւ ինքնապաշտպանական ջոկատ կազմաւորած, որ պատրաստ էր դիմակայել թշնամին: Վլատիմիր կը ղեկավարէր Մարտակերտ շրջանի պաշտպանութիւնը, սակայն որեւէ այլ շրջանի դրութեան վատթարացման պարագային, ան իր զինուորներուն հետ անմիջապէս կը հասնէր օգնութեան:
1991 թուականի ձմրան Շահումեանի մէջ կայացաւ Վլատիմիր Բալայեանի եւ Լէոնիտ Ազգալդեանի հանդիպումը: Այն զօրամիաւորումը, որ հիմնեցին Լէոնիտ եւ Վլատիմիր, 1990-1991թթ. կոչուեցաւ «Ազատագրական բանակ», որ նմանը չէ ունեցած բոլոր ժամանակներու հայկական զօրամիաւորումներու պատմութեան մէջ: «Ազատագրական բանակ»ի «Արցախ ճակատ»ի հրամանատարը Վլատիմիր Բալայեան էր:
Ազատագրական բանակը փայլուն յաղթանակներ կը տօնէր: Երկու տարուայ ընթացքին անընդմէջ մասնակցելով մարտական գործողութիւններու՝ ազատագրեց 24 գիւղ՝ պաշտպանելով ամբողջ շրջան մը եւ տալով ընդամէնը 7 զոհ: Վլատիմիր 6-րդն էր. ան զոհուեցաւ 1992թ. Յունիսի 9-ին Չայլու գիւղի պաշտպանական դիրքերուն վրայ:
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան շնորհաւորելով մեծանուն հայուն եւ հրամանատարին ծննդեան 65-ամեակը, իր ուղերձը յղած է անոր հարազատներուն եւ զինակից ընկերներուն, մասնաւորապէս նշելով․ «Վլատիրմիր Բալայեան հայրենիքը սիրելու եւ գնահատելու վառ օրինակ է, որ պայքարեցաւ յանուն հայրենիքի ազատարգրման եւ ինկաւ պատւոյ դաշտին մէջ՝ սերունդներուն ձգելով ազատագրութեան վեհ գաղափարը։ Մեծ պատիւ եղած է պայքարիլ Բալայեանի եւ Ազգալդեանի նման հզօր հրամանատարներու հետ մարտական դաշտին մէջ, անոնց հետ կիսել բազմաթիւ դժուարութիւններ, ունենալ մարտական ընկերներու կորուստ, բայց տեսնել նաեւ յաղթական լուսաբացը։ Մենք պարտաւոր ենք պայքարիլ յանուն հայութեան իրաւունքներու վերականգնաման եւ մեր հայրենիքի տարածքին ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին համար, բան մը, որ այժմ կ’իրականացնէ Արեւմտեան Հայաստանը»։
