Արցախի մշակութային ժառանգութեան մշտադիտարկում իրականացնող monumentwatch.org կայքը կը գրէ. «Արցախի մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացման, պատմական իրականութեան խեղաթիւրման միտող ատրպէյճանական քաղաքականութեան մէկ մասը կը կազմէ Արցախի բռնազաւթուած տարածքներ տարբեր երկրներու քաղաքացիներու այցելութիւններու կազմակերպումը: Սովորաբար այցելուները  լրագրողներ են, որոնք տարբեր լրատուական հարթակներու վրայ ունին մեծ լսարան, քիչ չեն նաեւ դիւանագիտական ոլորտի տարբեր ներկայացուցիչները: Նման այցելութիւններու ծիրին մէջ ատրպէյճանական կողմը կը ցուցադրէ Ֆիզուլիի մէջ կառուցած նոր օդակայանը, ենթակառուցուածքները, կ’ուղեկցի բռնազաւթուած Շուշի, Աղդամ, Հադրութ, Տող, Ազոխ, Թալիշ, Մատաղիս: Անոր գլխաւոր նպատակը լրատուական ներկայացուցիչներուն իբր  «հայկական կողմի վայրագութիւնները» ցուցադրելն է։ Սովորաբար նման այցելութիւնները կը կազմակերպէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ատրպէյճանի նախագահին առընթեր արտաքին կապերու եւ մամլոյ ծառայութիւնները: Անցեալ շաբաթ նման  այցելութիւն կը կազմակերպուած էր դէպի համաշխարհային ճանաչում ստացած Ազոխի քարէ դարեան քարայր՝ իբր ներկայացնելու, թէ ինչպէս «հայերը քարայրը վանդալիզմի ենթարկած են, ինչ վատ վերաբերած են»: Սակայն, քարայրի ներսի պահպանական հարթակները, պեղուած հատուածներու պահպանիչ յատուկ թաղանթները, հակառակը, կը վկայեն այստեղ աշխատած միջազգային արշաւախումբի բարձր արհեստավարժութիւնը։ Ուշագրաւ է, որ օտարազգի ներկայացուցիչներն իրենց ելոյթներուն մէջ կը խօսին միայն տարածքներու գեղեցկութեան մասին եւ չեն անդրադառնար իրենց մատուցուող՝ այսպէս կոչված «վանդալիզմ»ին։

Արեւմտեան Հայաստանը դատապարտելով ատրպէյճանական սադրիչ եւ ստայօդ տեղեկութիւններու տարածումը եւ հանրայնացումը, կը յիշեցնէ միջազգային կառոյցներուն եւ գործընկեր կազմակերպութիւններուն, որ տակաւին տարիներ առաջ Ատրպէյճանական վանդալիզմի ամէնէն ցայտուն օրինակն էին Ջուղայի հին խաչքարերը, որոնց համար յետագային Արեւմտեան Հայաստան դատ բացաւ ընդդէմ Ատրպէյճանի։ Արցախի տարածքներու բռնազաւթումէն ետք ատրպէյճանցի հրոսակները կը ցանկան ամէն գինով այդ տարածքներէն վերացնել հայկական հետքը, փորձելով անոնց տալ ազգային այլ պատկանելութիւն, սակայն փաստերն աւելի խօսուն են քան նմանատիպ սին յատարարութիւնները։