Արեւմտեան Հայաստանի մէջ երկրաշարժի զոհերու թիւը գերազանցած է 29 հազարը։ «Ռոյթըրս» լրատուական գործակալութիւնը տեղեկացուցած է, որ արդէն յայտնի է 29 հազարէ աւելի զոհի մասին։  Աւելի շուտ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ յայտնած էր 24 հազար 617 զոհի մասին։ Զոհերու զգալի մասը Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքէն են։ 

Քաղաքի բնակչութեան թիւը կը կազմէ  426․381։ Այնտեղ կ’ապրին Հայեր, թուրքեր եւ քիւրտեր։ 

Յիշեցնենք, որ 1915թ. Մալաթիա ունէր 40 հազար բնակիչ,  որմէ 20 հազարը` հայ էր: 

Քաղաքին մէջ եկեղեցիներու թիւը կը հասնէր հինգի, որոնցմէ 3-ը`  հայկական: Քաղաքէն դուրս` այգիներուն մէջ, կը գտնուէր Մալաթիոյ եպիսկոպոսանիստ Ս. Լուսաւորիչ վանքը: Մինչեւ 1915թ. Քաղաքին մէջ կը գործէին երեք հայկական ուսումնարաններ: