
◆Անուանումը ծագած է ատր ընդ դէզ բառերէն, բառացիօրէն կը նշանակէ կրակը խոտի մէջ(ատր՝կրակ,դեզ՝խոտ):
Հայկական հոգեւոր աւանդութեան համաձայն օրը կը համարուի սիրահարներու ու նորապսակներու տօն:
Սովորութեան համաձայն,սկեսուրն իր նորահարսին ցոյց կուտայ կրակը եւ թռցնելով կրակի վրայով, անոր կը մաքրէ, կը պատրաստէ մայրութեան,իսկ սիրահարները, իրար հետ կրակի վրայով ցատկելով, կը սրբացնեն իրենց սէրը (կրակը կը համարուի սիրոյ, կրքի, ջերմութեան տարր):
Տօնի նախորդող գիշերը (Փետրուարի 14-15) երիտասարդները կ՛ուտեն աղի հացիկ՝ յոյսով,որ երազներուն մէջ կը տեսնեն ապագայ սիրածին։
◆Տօնը կը նշուի Հրոտէն (հուրը ոտէն ամսուայ Հրանդ օրը (Փետրուարի 15), տօնի հովանաւոր դիցերն են Վահագն Քաջը եւ Միհր Բարեփառը
◆Քրիստոնեացումէն ետք, երբ պայքար կը մղուէր ազգայինի, էթնիկ հայկականի դէմ, փորձած են արգիլել նաեւ տրնդէզը, բայց գեները յաղթած են եւ եկեղեցին ստիպուած եղած է «նոր բացատրութիւն» հորինել. տօնը աղավաղուած է, չենք գիտեր ինչու սկսաւ նշուիլ Փետրուարի 13-ին ու անուանակոչուեց «Տիառնընդառաջ»:
Յետագային, արդեն արեւմուտքի՝ «Վալենտինի օրուայ» դէմ պայքարելով ստեղծուեցաւ «Սուրբ Սարգսի տօնը», որը եւս կապ չունի իսկական հայկական մշակոյթի հետ:
Հայկազունները չունին ոչ «Տիառնընդառաջ»,ոչ «Սուրբ Սարգսի տօն»,առաւել եւս՝ «Վալենտինի տօն»: