Հնագոյն անունը եղած է Օրրոէ։ Ն.Ք. 303թ. Սելեւկոս Ա. Նիկատորի կողմէ վերանուանուած է Եդեսիա՝ ի պատիւ Մակեդոնիոյ Էդեսսա քաղաքին։ 216թ. Կարակալա կայսրը, գահընկեց ընելով Օսրոէնի վերջին ներկայացուցիչ Աբգարը, Եդեսիան դարձուց հռոմէական գաղութ։ 363թ. հռոմէա-պարսկական հաշտութեան պայմանագիրով այն անցաւ Սասանեաններու ձեռքը։ Այս ժամանակ Եդեսիա տնտեսական ու մշակութային խոշոր կեդրոն էր։ Մեծ հռչակ կը վայելէր Եփրեմ Ասորիի հիմնադրած «Պարսկական դպրոց»ը, ուր ուսանելու կը ժամանէին տարբեր վայրերէ, այդ թուին եւ Հայաստանէն։ Եդեսիա մեծ դեր  խաղացած է հայոց այբուբենի ստեղծման գործին մէջ։ Հելլենիստական շրջանին եղած է Օսրոյենէի ասորական թագաւորութեան մայրաքաղաքը, այնուհետեւ՝ Հայոց Միջագետքի մայրաքաղաքը, անցած է հռոմէացիներու տիրապետութեան տակ, այնուհետեւ ընդգրկուած Բիւզանդական կայսրութեան կազմին մէջ։ 641թ. քաղաքը նուաճուած է արաբներու կողմէ, բիւզանդացիները յաջողած են կարճ ժամանակով վերանուաճել քաղաքը 1031թ։ Տասը տարի անց քաղաքը գրաւած են սելջուկները։ Ուռհան անցած է ձեռքէ ձեռք մինչեւ 1098թ., երբ այն նուաճուած է խաչակիրներու կողմէ։ 1144թ. քաղաքը կը գրաւէ Մոսուլի տիրակալ Իմատ Ատտին։ Այդ իրադարձութեան առթիւ Ներսէս Շնորհալի կը գրէ իր հռչակաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Ողբ Եդեսիոյ» (1145-46) վիպերգը, ուր հայրենասէր հեղինակը սրտի կսկիծով կը նկարագրէ ծաղկուն քաղաքի աւերումն ու բնակչութեան զանգուածային բնաջնջումը։ Քաղաքը յետագայ դարերուն անցած է յաջորդաբար Եգիպտոսի եւ Ասորիքի սուլթաններուն, մոնղոլներուն, թիւրք ցեղերուն տիրապետութեան տակ, մինչեւ որ 1637թ. վերջնականապէս մտած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ։