
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը իր ֆէյսպուքեան էջին կը յայտնէ. «Այս տեսանիւթը բազմաթիւ ապացոյցներէն հերթականն է, որ ցոյց կու տայ արդէն 2 ամիսէ աւելի Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհը փակած Ատրպէյճանի կառավարութեան «բնապահպան ցուցարար» գործակալներու իրական մտադրութիւնները: Անոնք կը վիրաւորեն Արցախի բնիկ ժողովրդը` հայ ժողովուրդի անբաժանելի մասը, կը հրճուին ճանապարհը փակելու առթիւ. այս է անոնց իրական վերաբերմունքը:
Այս 2022թ. Դեկտեմբերի 14-ի` ճանապարհը փակելու 2-րդ օրուան տեսանիւթ է:Այս տեսանիւթը եւս ներառուած եւ վերլուծուած է յառաջիկային հրապարակուելիք զեկոյցին մէջ, ուր ապացոյցներով բացայայտուած են բազմաթիւ «բնապահպան ցուցարարներ»:
Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ Թաթոյեան հիմնադրամի ներդրած ջանքերը, քանզի անոնք ուղղուած են կեղծ բնապահպան ցուցարարներու իրական դէմքի բացայայտման։ Այս փաստերը պէտք է հանրայանացուին եւ ներկայացուին գլխաւորաբար միջազգային հանրութեան ու լսարանին։