
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժներուն հետեւանքով սկսած մարդասիրական օգնութեան հաւաքագրումը կը շարունակուի։ Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող պատմական Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, ուր 7 տարուայ ընդմիջումէն ետք վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին Սուրբ Ծննդեան պատարագը, այս անգամ իր դռները բացած է երկրաշարժէն տուժածներուն առջեւ։
Եկեղեցւոյ ազատ սենեակներուն մէջ տեղաւորուած են երկրաշարժէն իրենց տուները կորսնցուցած եօթ ընտանիք։ Նշենք, որ այս շրջանին զբօսաշրջիկներ գրեթէ չեն այցելեր եկեղեցի։
1980-ականներէն ետք բախտի քմահաճոյքին յանձնուած եկեղեցին 2011 թուականին վերանորոգուած եւ բացուած է հաւատացեաներուն առջեւ։ Սակայն 2015 թուականին Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած զինուած բախումներու ժամանակ վնասներ կրած եկեղեցին եօթ տարի մնացած էր փակ։