2023թ. Փետրուարի 13֊ին Հալէպի մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հյուպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբկէն Բադալեան եւ Հալէպ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային փրկարարական խումբի ղեկավար գնդապետ Արմէն Գէորգեան եւ որոնողա-փրկարարական խումբի հրամանատար գնդապետ Սերկէյ Բիձեան հանդիպած են Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի հետ։

Բադալեան խորին ցաւակցութիւն յայտնած է Հալէպի մէջ գրանցուած երկրաշարժի անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթած բոլոր վիրաւորներուն։ Այնուհետեւ փրկարարական խումբի գնդապետ Արմէն Գէորգեան ներկայացուցած է անցնող օրերուն կատարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատւութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնած Հալէպի նահանգապետարանին կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Հ.Տիապ դրուատանքի խօսքեր ուղղած է հայ փրկարարներուն` յանձնելով Հալէպի նահանգապետարանի շնորհակալագիրը։ Հալէպի նահանգապետ Հ.Տիապ եւ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոսարանի խորհրդական, հիւպատոս Բ. Բադալեան կարծիքներ փոխանակած են հայ֊սուրիական բազմաբնոյթ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։

Արեւմտեան Հայաստանը եւս իր շնորհակալութիւնը  կը յայտնէ Երեւանէն ուղարկուած փրկարարական խումբի անդամներուն, իրենց կատարած դժուարին աշխատանքին համար, կարեւորելով այն, որ փրկարարին բուն գործը օգնելն է իր կարիքը ունեցողներուն՝ անկախ ազգային պատկանելութենէն։