Ամերիկեան հեղինակաւոր «Washington Post» պարբերականն օրերս հրապարակած է «Թուրքիա հապճեպ գերեզմանոցներ կը պատրաստէ» վերնագիրով  յօդուած մը, ուր նշուած է, թէ քաղաքի ծայրամասերուն մէջ երկրաշարժի հետեւանքով մահացածները զանգուածաբար յուղարկաւորելու պատճառով Մարաշի գերեզմանատուները աստիճանաբար կը մեծնան: 

Պարբերականը կը գրէ, որ մարդիկ առանց մասնագէտներու եւ սարքերու օգնութեան աւերակներուն տակէն դուրս կը բերեն իրենց հարազատները, որոշ շրջաններու մէջ օգնութիւնն օրերով չի հասնիր։ Իսկ ընդդիմադիրներն ու երկրաշարժէն ողջ մնացածները կը դժգոհին, որ իշխանութիւնները շատ դանդաղ կ’աշխատին աղէտի գօտիին մէջ։

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ տուժած ընտանիքներուն յատկացուած է 10․000-ական լիրա օգնութիւն, որ կը կազմէ մօտ 530 տոլար։

Ըստ «Washington Post»ին, 20 տարի իշխանութեան գլուխ մնալէ ետք այս Էրտողանի համար կարեւոր քննութիւն պիտի ըլլայ մօտեցող ընտրութիւններուն եւ երկրաշարժին պատճառած աւերածութիւնները վերականգնելու առումով։

Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ Էրտողանի վարչակարգին գործողութիւնները, այդ թուին՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի բռնազաւթուած պահելը։ Մենք եկած ենք այն համոզման, որ Էրտողան չի ներգրաւեր պետական ողջ աղբիւրները՝ երկրաշարժի հետեւանքները մեղմելուն ուղղուած գործողութիւններ իրականացնելու համար, բան մը, որ յանգեցուցած է նման ծայրայեղ վիճակի եւ յարուցած է բնակչութեան դժգոհութիւնը։