
Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման Լեմկինի հիմնարկը կրկին յայտարարութիւն տարածած է Բերձորի ճանապարհի շրջափակման վերաբերեալ։ Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է․ «Փետրուարի 12-ին լրացաւ ատրպէյճանական կեղծ բնապահպաններու կողմէ Բերձորի ճանապարհի շրջափակման երկրորդ ամիսը։
Հակառակ միջազգային հանրութեան որոշ ջանքերուն, ոչինչ կը վկայէ, որ շրջափակումը պիտի վերացուի կամ ատրպէյճանական վարչակարգը պատժամիջոցներու պիտի ենթարկուի այդ մարդասիրական ճգնաժամը թոյլ տալուն, հաւանութիւն տալուն եւ աջակցելուն համար։ Ընդհակառակը, միջազգային հանրութիւնը, կարծես, պատրաստ է լռել, քանի դեռ այս վարչակարգը կը պատրաստուի կազմակերպել բնիկ հայերու հերթական ցեղասպանութիւնը։
Ցեղասպանութիւններու կանխարգելման Լեմկինի հիմնարկը արդէն հրապարակած է նախազգուշացում եւ քանի մը թարմացումներ, որոնք կը տեղեկացնեն 2020 թուականի թշնամական պատերազմի ժամանակ Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններու ցեղասպան բնոյթին, 2022 թուականի Սեպտեմբերի բռնութիւններու սրման եւ 2022 թուականի Դեկտեմբերէն Արցախի մէջ հայերու շարունակուող շրջափակման մասին։
Մենք եւս մէկ անգամ կը կրկնենք միջազգային հանրութեան ուղղուած մեր կոչը՝ ճնշում գործադրելու Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի ան անյապաղ վերացնէ շրջափակումը, պատժամիջոցներ կիրառելով ատրպէյճանական վարչակարգին դէմ՝ հայ ժողովուրդին դէմ պարբերաբար իրականացուող յանցաւոր գործողութիւններուն համար եւ օգնել տարածաշրջանին մէջ հայ ժողովուրդի խաղաղ երկխօսութեան, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան պատշաճ մեխանիզմի ստեղծման»:
Արեւմտեան Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Լեմկինի հիմնարկի ներդրած ջանքերը եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ աջակցելու այս կարեւոր առաքելութեան ընթացքին։