
Փետրուարի 6-ին Մարաշ նահանգի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժներէն 1 շաբաթ անց քաղաքական դաշտին մէջ սկսած են խօսակցութիւնները Մայիսին տեղի ունենալիք համապետական ընտրութիւնները յետաձգելու վերաբերեալ:
Քննարկումներու առիթը դարձած է նախագահ Էրտողանի գլխաւորած «Արդարութիւն եւ զարգացում» (ԱԶԿ-AKP) կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի նախկին խօսնակ Պիւլէնթ Արընչի առաջարկը ընտրութիւնները յետաձգելու մասին: Վերջինիս ընտրութիւնները «միայն մէկ անգամ յետաձգելու» առաջարկը հիմնաւորած է իշխանութիւններուն՝ երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման վրայ կեդրոնանալու անհրաժեշտութեամբ:
Այդ առաջարկին կտրուկ դէմ է արտայայտուած Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» (ԺՀԿ-CHP) կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլու: Վերջինս հակասահմանադրական անուանած է Մայիսին նախանշուած ընտրութիւններու հնարաւոր յետաձգումը, քանի որ այդ երկրի մայր օրէնքը յետաձգում կը նախատեսէ միայն պատերազմի պարագային:
«Սահմանադրութիւնը շատ յստակ է, միայն պատերազմի պարագային կրնան ընտրութիւնները յետաձգվել: Ուստի քանի որ պատերազմ չկայ, ընտրութիւնները չեն կրնար յետաձգվել: Ոչ ոք կրնայ, Սահմանադրութենէն ու օրէնքներէն դուրս հիմնաւորումներ ընելով, ինք իր համար եզակի իրաւական նորմ ստեղծել: Կայ սահմանադրութիւն, եթէ կ’ըսենք, որ Թուրքիա իրաւական պետութիւն է, ուրեմն նման բան կարելի չէ ընել»,- պարզաբանած է Քըլըչտարօղլու:
Նշենք, որ Մայիսին (14) նախանշուած են թրքական խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւնները:Ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ բազմաթիւ փորձագէտներ արձանագրած են, որ թրքական կառավարութիւնը չի ներդներ կառավարական լուրջ միջոցներ՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքները մեղմելու համար, ինչպէս նաեւ որոշ տարածքներ կրկնակի բռնազաւթման ենթարկած է, թոյլ չտալով կամաւորական խումբերուն հասնիլ եւ օգնութիւն հասցնել։ Մենք խստօրէն կը դատապարտենք թրքական կառավարութեան այսօրինակ գործողութիւնները, եւ կը յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանը պէտք է վերադարձուի իր օրինական իրաւատիրոջ։