Գեղարքունիք մարզի Ներքին Գետաշէն գիւղի դամբարանադաշտէն գտնուած կաւէ ամանը մաքրուած եւ վերականգնուած է: Կաւէ ամանը գիւղի տարածքին  գտնուող «Տեմերի» դամբարանադաշտէն յայտնաբերուած 500 գտածոներէն միայն մէկն է։ Անոնց թուին են՝ խեցեղէն իրեր, պրոնզէ կախիկներ, ապարանջաներ, ապակիէ եւ ծովախեցիներէ ուլունքներ:

Ներքին Գետաշէնի դամբարանադաշտին մէջ պեղուած համալիրները կը վերաբերին Ն.Ք. 7րդ դարուն: Պեղուած նիւթերուն մէջ կը հանդիպին թռեղք-վանաձորեան   (միջին պրոնզէ դարեան)  ( Ն.Ք. 2200 – 1600) հնագիտական մշակոյթ, սեւան-արցախեան, լճաշէն-մեծամօրեան եւ Վանի թագաւորութեան (Ն.Ք. 8-7րդ դդ.) շրջանի կոթողններ: Նիւթերը կը պահուին  ՊՈԱԿ-ի հնագիտութեան ֆոնտին մէջ: