Բռնազաւթուած  Արեւմտեան Հայաստանի հայկական Վագըֆլը գիւղի Աստուածամօր եկեղեցին երկրաշարժէն վնասուած է։

Մուսայ լերան ստորոտը գտնուող Վագըֆլըի գիւղապետ Պերճ Քարթուն նշած է, որ Մարաշի երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած են գիւղի որոշ տուներ, Աստուածամօր եկեղեցին եւ դպրոցը։ Հայ գիւղապետը նշած է, որ Վագըֆլը տարածաշրջանին մէջ քիչ բնակավայրերէն է, ուր զոհ չէ եղած երկրաշարժին հետեւանքով։

Արեւմտեան Հայաստանը պարբերաբար կապ հաստատելով երկրաշարժէն տուժած բնակիչներուն հետ, տեղեկատւութիւն կը փոխանցէ միջազգային մարդասիրական կառույցներուն, արագ արձագանգման եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար։