Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներէն ետք հազարաւոր մարդիկ, այդ թուին հայեր, զոհուեցան, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ալ դարձան անօթեւան։ Ամէնէն շատ տուժած քաղաքներէն մէկուն՝ Սամոսատի մէջ (Ատըեաման), բազմաթիւ քաղաքացիներ տակաւին կը սպասեն դուրսը՝ դիմակայելով ցուրտ եղանակն ու ծանր պայմանները։ Սամոսատի մէջ մարդիկ ամէնէն մեծ պահանջը վրաններն են։ Վրանային քաղաքը, որ, այսպէս կոչուած պետութիւն/իշխանութիւնը չի կրնար կամ չի ցանկար կառուցել, ի վերջոյ, կը ստեղծուի կամաւորներու ջանքերով։

Կամաւորներէն մէկը,  նշելով, որ իրենք կը փորձեն իրենց միջոցներով օգնել բնակչութեան, նշած է. «Բազմաթիւ վրաններ, որոնք ուղարկուած էին քաղաքական կուսակցութիւններուն, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կամաւորներու կողմէ, առգրաւուած են։ Մեր միջոցներով կը փորձենք վրանային քաղաք հիմնել այն ընտանիքներուն համար, որոնք մնացած են դուրսը։ Առաջին օրը երբ եկանք Սամոսատ, հասկցանք, որ աշխատանքը շատ անբաւարար է։ Փաստօրէն թրքական պետութիւնը պատրաստ չէր դիմակայելու այս աղէտը։ Այնուամենայնիւ, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն՝ մենք տարբեր այլընտրանքներով ու սեփական միջոցներով կը փորձենք ժողովուրդի խնդիրներուն լուծում տալ»։

Հաշուի առնելով այս իրավիճակը Արեւմտեան Հայաստանը՝ «Հայ Ճամբայ» միութեան նախաձեռնութեամբ արդէն սկսած է ուժերու զինում, անհրաժեշտ պարագաներու հաւաքագրման հարցին մէջ։ Կոչ կ’ուղղենք միանալ՝ օգնելու Արեւմտեան Հայաստանի մէջ երկրաշարժէն տուժած մեր բնակչութեան։ Կապ հաստատելու համար կրնաք դիմել նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանին։