
«Էրեբունի» թանգարանէն «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ թանգարանի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պետական Էրմիթաժի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ Էրմիթաժը պիտի աջակցի մասնագէտներու վերապատրաստման գործին։ Պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի վերականգնողները վերապատրաստում պիտի անցնին պետական Էրմիթաժի հանրայայտ տարրալուծարանին մէջ: «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանը եւ Էրմիթաժը պիտի տպագրեն «Թէյշեբաինի» խորագիրով գրքոյկ: Էրմիթաժ պիտի աջակցի նաեւ «Էրեբունի» թանգարանին նոր, արդիականացուած գրադարանի համալրման եւ զարգացման: Այս առումով շուտով «Էրեբունի» թանգարանի գրադարանը պիտի համալրուի Էրմիթաժի կողմէ տպագրուած վերջին կարեւորագոյն աշխատութիւններով եւ գրացուցակներով: