Հակառակ անոր, որ որոնողա-փրկարարական աշխատանքները դեռ կը շարունակուին, փրկարարներու խումբերը հարկադրուած են լքել Արեւմտեան Հայաստան, կը գրէ Տոյչէ Վելլէ կայքը իր ծաւալուն թղթակցութեան մէջ։ Պատճառը ոչ միայն ողջ մարդիկ գտնելու հաւանականութեան վերանալն է, այլեւ փրկարարներու հանդէպ թշնամական վերաբերմունքը։

Յայտնի  դարձած է, որ Ալեքսանտրէթի մէջ (Հաթայ) աշխատանքները ստիպուած  եղած են դադրեցնել աւստրիացի եւ գերմանացի փրկրարաները՝ բնակչութեան աճող թշնամանքին, տեղական զինուած խմբաւորումներուն միջեւ փոխհրաձգութիւններու եւ դիակապտութեան դէպքերու պատճառով։ Աղէտի գօտին ստիպուած էին լքել 40 իսրայէլցի փրկարարներ իրենց հասցէին շատ յստակ ու անմիջական սպառնալիքին պատճառով։

Մարաշ քաղաքին մէջ, ուր շուրջ 10 հազար անձ մահացած է, ցասում կը հասուննայ թրքական իշխանութիւններուն նկատմամբ, յատկապէս, զոհերը եղբայրական գերեզմաններու մէջ շուտափոյթ թաղելու որոշման պատճառով։ Արեւմտեան Հայաստանը կ’արձանագրէ, որ թրքական կառավարութիւնը չի կրնար յաւուր պատշաճի կազմակերպել յետ-երկրաշարժեան գործընթացը, ժողովուրդը ձգելով անօգնական վիճակի մէջ։ Թրքական կառավարութեան անգործութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, գլխաւորաբար ընգրկելով հայաշատ տարածաշրջանները։ Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը բռնազաւթման պատճառով չի կրնար յստակ գործողութիւններ ձեռնարկել մեր տարածքներուն մէջ, իսկ թրքական կառավարութիւնը այն մատնած է անգործութեան։ Միջազգային հանրութեան ճնշման ներքոյ, պէտք է գործածութեան մէջ դնել ԱՄՆ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը։