
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժը վնաս հասցուցած է նաեւ շարք մը պատմական կառոյցներու։ Անոնց թուին է Սամոսատի (Ատըեաման) Քահթա գաւառին մէջ գտնուող Քարաքուշ բլուրին վրայ տեղակայուած 10մ բարձրութեամբ սիւնը։ Ականատեսներու վկայութեամբ, աւերուած սիւնի տարածքին գտնուած են անոր հիմքը հանդիսացող քարերը, սակայն սիւնի գագաթին գտնուող վիմագիր քանդակն անհետացած է։
Ուշագրաւ է, որ նոյն գաւառին մէջ կառուցուած Ջենտերէ կամուրջը մնացած է միանգամայն անվնաս։ 1800-ամեայ պատմական Ջենտերէ կամուրջը, որ ունի 120մ երկարութիւն, 30մ բարձրութիւն եւ 7մ լայնք, կառուցուած է երկու ժայռերու վրայ՝ 92 մեծ քարերով, առանց շաղախի։ Կը գտնուի Ջենտերէ գետին վրայ։
Սա ամէնէն ամուր կամուրջն է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, որ մեր օրեր հասած է Հռոմէական ժամանակաշրջանէն եւ կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին կամուրջներէն, որոնք դեռ կը շարունակեն ծառայել։
Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը, կը շարունակէ հաւաքագրել երկրաշարժի հետեւանքով վնասուած մեր պատմամշակութային յուշարձաններուն մասին տուեալներ, որպէսզի յետագային համապատասխան գործողութիւններ ձեռնարկուին անոնց վերականգնման ուղղութեամբ։
