
ՀՀ կառավարութեան վերջին նիստին պահուստային ֆոնտէն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան յատկացուեցաւ 157․8 միլիոն դրամ։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամբուխչեան նշած է, որ որոշումը պայմանաւորուած է Փետրուարի 6-ին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ գրանցուած ուժեղ երկրաշարժին հետեւանքով առաջացած խնդիրներու յաղթահարման համար այդ երկիրներուն կողմէ մարդասիրական օգնութիւն խնդրելու հանգամանքով տուժածներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու նպատակով։ «Մարդասիրական օգնութիւնը ամբողջութեամբ տրամադրուած է։ Դէպի Սուրիա երկու անգամ օդային ճանապարհով ուղարկուած է բեռ, եւ դէպի Արեւմտեան Հայաստան երկու անգամ ցամաքային ճանապարհով ուղարկուած են»,- նշած է Փամբուխչեան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով, հայ փրկարարները Արեւմտեան Հայաստանէն վերադարձած են ցամաքային ճանապարհով, իսկ Սուրիա մեկնած փրկարաները վերադարձած են օդային ճանապարհով։