Ատրպէյճանի կառավարութեան գործակալները ահաբեկչական գործողութիւններով 67 օր շարունակ շրջափակման պայմաններու մէջ պատանդ կը պահեն Արցախի աւելի քան 120,000 բնակչութիւնը: 

Ինչպէս նշուած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան տեղեկագիրին մէջ՝ շրջափակման պատճառով Արցախի 120,000 բնակչութիւնը (ներառեալ՝ շուրջ 30,000 երեխայ, 20,000 տարեց, 9,000 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ) կը կրէ բազմաթիւ զրկանքներ եւ, ի թիւս այլ իրաւունքներու խախտման, կանգնած է թերսնման եւ ցրտահարման մեծ վտանգի առջեւ: Շրջափակման պայմաններուն մէջ սնունդի սրացող սակաւութեան պատճառով Յունուարի 9-էն փակ  է կամ մասնակի կ’աշխատի 41 մանկապարտէզ, 56 նախադպրոցական խումբ, 20 երկարօրեայ ուսումնական հաստատութիւն։ Ըստ տեղեկագիրին, 6,828 երեխայ այլեւս չի կրնար կրթօճախ յաճախել ընդհանրապէս կամ երկարօրեայ ձեւաչափով՝ զրկուելով համապատասխան կրթութիւն եւ խնամք ստանալու հնարաւորութենէն:

Արեւմտեան Հայաստանը, հեռուսակայանին միջոցով բարձրաձայնելով այս խնդիրները, միջազգային կառոյցներուն՝ յատկապէս ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս խնդիրին վրայ։ Անհրաժեշտ է օր առաջ համապատասխան ջանքեր ներդնել Արցախի բնիկներու իրաւունքներու լիակատար գործարկման ուղղութեամբ։ 1920 թուականէն ի վեր Արցախ Հայաստան պետութեան անբաժանելի մաս է, եւ մենք մեզ իրաւունք կը վերապահենք այս խնդիրները մանրամասնօրէն ներկայացնելու միջազգային հանրութեան։