
Դաշտային Կիլիկիոյ այս քաղաքը կը գտնուի սուրիական Հալէպ քաղաքէն 60քմ հիւսիս: Հնագոյն ժամանակներէն ի վեր եղած է հայաբնակ: Մինչեւ 1915թ. ունէր 5250 հայ առաքելական, 327 հայ կաթողիկէ եւ 342 հայ բողոքական բնակչութիւն, որուն կը պատկանէին տնտեսական, առողջապահական, կրթական լծակները: Հայերը գլխաւորաբար կը զբաղէին արհեստներով, առեւտուրով, ձիթապտուղի իւղի արդիւնահանմամբ:
Հայերու տեղահանութիւնն սկսաւ 1915թ. Յունիսի 28-ին: Սահմանամերձ ըլլալուն պատճառով հայերը ենթարկուեցան համեմատաբար «մեղմ» եղեռնի՝ նահատակուեցաւ «ընդամէնը» 1500 հոգի: Տէր-Զոր աքսորուածները ամբողջովին ջարդուեցին, մնացեալը տեղահանութենէն վերադարձան, սակայն 1921թ. ֆրանս-թրքական պայմանագիրի կնքումէն ետք, երբ Քիլիս անցաւ Թուրքիոյ, հայերն ստիպուած գաղթեցին Հալէպ:
Իսկ 1925թ. թրքական իշխանութիւնները պայթեցուցին 1873թ. օծուած Ս. Յովհաննէս հոյակերտ եկեղեցին, ինչով վերացաւ հայութեան վերջին հետքը: