Ֆրանսայի ռազմածովային նաւատորմի նաւապետ, անուանի աշխարհագրագէտ եւ քարտէզագիր Զատիկ Խանզադեան ծնած է Օսմանեան Թուրքիոյ Մանիսա քաղաքը: Զմիւռնիոյ ռազմածովային ուսումնարանի քարտէզագիտութեան բաժնէն ուսում ստացած ընթացքին տաղանդաւոր երիտասարդը շատ շուտ աչքի ինկաւ իր փայլուն յառաջադիմութեամբ եւ 1909-ին, ուսումնարանի ֆրանսացի դասախօսներու երաշխաւորմամբ, մեկնեցաւ Փարիզ: Այստեղ ան կը սկսի ուսանիլ Փարիզի նաւագնացութեան բարձրագոյն դպրոցին մէջ, ապա Ֆրանսայի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր շտաբի ակադեմիայէն ներս, ստանալով ճարտարագետ-հիտրոկրաֆի վկայական եւ ֆրանսական ռազմածովային ճարտարագետի՝ նաւապետի կոչում:  Լայն հանրութեան համար քիչ յայտնի փաստ է, որ 1919 թուականին Փարիզի հաշտութեան համագումարին Արեւմտեան Հայաստանի  պատուիրակութեան կողմէ ներկայացուած Միացեալ Հայաստանի քարտէզը հեղինակած էր ֆրանսահայ անուանի գիտնական եւ քարտէզագիր Զատիկ Խանզադեան: Արեւմտեան Հայաստանի հեռուստակայանին կողմէ Զատիկ Խանզադեանի կեանքին եւ գործունեության մասին պատմող տեսանիւթը կրնաք դիտել մեր եութուպեան ալիքէն։

https://youtu.be/oQWv3Ighd_0