Ախուրեան գետին վրայ դեռ Բագրատունիներու թագաւորութեան օրօք 10-11րդ դարերուն բազմաթիւ կամուրջներ կառուցուած են, որոնք կը վկայեն կառուցողներու մեծ վարպետութիւնն ու դարաշրջանի ճարտարագիտական միտքի բարձր մակարդակը։ Այդ կամուրջներէն յատկապէս ամէնէն մեծը, որ յայտնի է Անիի կամուրջ անուամբ, ունեցած է իւրայատուկ դեր եւ կառուցուածք․ այն ոչ միայն կառուցուած է որպէս գետի երկու ափերը կապող ճանապարհ, այլ նաեւ հանդիսացած է քաղաքի պաշտպանական համակարգին մէկ մասը։ Մօտ 30մ թռիչք ունեցող կամուրջն ափամերձ երկու հատուածներու վրայ ունեցած է փայտէ շարժական հատուածներ, զորս անհրաժեշտութեան պարագային կարելի էր ետ քաշել՝ այդպիսով կամուրջը դարձնելով անանցանելի։ Կամուրջը ներկայիս աւերակ է։

Վերջերս ՀՀ-ի հետ տարուող աշխատանքներու ժամանակ, ձեռք բերուած է համաձայնութիւն վերանորոգելու Աիի կամուրջը, որ մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։ Այս լուրը յայտարարեց ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վերջին ասուլիսներէն մէկուն ընթացքին։