
Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ, 13-րդ դարու 2-րդ կիսու կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչ եւ գրիչ Թորոս Ռոսլին արուեստագէտներու կողմէ անուանուած է «Վերածնութեան նախակարապետ», «Զարդանկարի արուեստագէտ»։
Ռոսլինի ստեղծագործական ողջ գործունէութիւնն ընթացած է Հռոմկլայի մէջ, ուր այդ ժամանակ կը գտնուէր կաթողիկոսական աթոռանիստը։ Հռոմկլայի մէջ պաշտօնավարած կաթողիկոսները մեծ ուշադրութիւն կը յատկացնէին ձեռագրական մշակոյթին, գրչութեան եւ մատենական նկարչութեան զարգացման։ Կաթողիկոսական ձեռագրատան մէջ ձեւաւորուած մանրանկարչութեան դպրոցը գլխաւորն էր միւս դպրոցներուն մէջ ու վճռական ազդեցութիւն ունեցաւ կիլիկեան եւ ոչ միայն կիլիկեան գրքարուեստի յետագայ զարգացման վրայ։
Նկարիչը բարձր համբաւ ունէր իր կենդանութեան օրօք. ան կ’աշխատէր արքայական ընտանիքի, իշխաններու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուէրով:
Կաթողիկոսական նստավայրի աւերումը 1292 թուականին, ուր անցած էր Ռոսլինի կեանքը, եւ 1375 թուականին Կիլիկեան թագաւորութեան դիւանի կործանումը մայրաքաղաքի գրաւման ժամանակ զրկեցին նոր ժամանակի պատմաբանները, այդ թուին՝ արուեստի պատմաբանները, ոչ միայն քաղաքական բնոյթի մեծարժէք նիւթերէ, այլեւ մշակոյթի գործիչներուն հետ կապուած վաւերագրերէ։
Ռոսլինի կենսագրութեան միակ աղբիւրը դարձան անոր ձեռագիրներու յիշատակարանները։ Նկարիչին ստորագրութեամբ այսօր յայտնի եօթ աշխատանքը կատարուած են 13 տարուայ մէջ` 1256 թուականէն 1268 թուականը ինկած ժամանակահատուածին։
