Սկիւտարի ճեմարանը հայ աշխարհիկ առաջին ճեմարանն է։ Հիմնադրուած է 1838 թուականին, Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ։ 19-րդ դարու 30-40-ական թուականներուն լայն ծաւալ ստացած էր կրթալուսաւորական շարժումը, ուր ազգային նախակրթարաններն այլեւս չէին կրնար բաւարարել կրթական գործի աճող պահանջները, եւ խիստ անհրաժեշտութիւն դարձած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ազգային անձնակազմեր պատրաստող բարձր մակարդակի կրթական հաստատութիւն ունենալը։

Շէնքի նախագծման եւ կառուցման գործը ստանձնած են Կ. Պոլսոյ արքունի ճարտարապետներ Հ․ Մերվերեան եւ Կ․ Պալեան։ Ազգային ճեմարանի (գիշերօթիկ) բացումը տեղի  ունեցած է 1838 թուականի Դեկտեմբերի 9-ին։ Ընդունուած է 50 աշակերտ (10-ը՝ անվճար)։ Ճեմարանն ունեցած է ներքին կանոնադրութիւն։ Դասաւանդուած են հայերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն քերականութիւն եւ շատ այլ կարեւոր նիւթեր, ինչպէս նաեւ արհեստներ։ 

1840 թուականին Սկիւտարի ճեմարանի աշակերտութեան, ուսուցչութեան եւ հասարակութեան ներկայացուցիչներու միացեալ ժողովը որոշած է ստեղծել «Միակամ ընկերութիւն»ը, որ իր վրայ կը վերցնէր ճեմարանի հոգատարութիւնը։ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքը կը հաստատէ նոր հոգաբարձութիւն։ Սակայն, թուրք կառավարութիւնը ոչ միայն չի հաստատեր հոգաբարձութիւնը, այլեւ կը ձերբակալէ անոր անդամները։ Ի պատասխան այդ քայլին, 1841 թուականի Օգոստոսի 24-ին տեղի կ’ունենայ արհեստաւորներու ցոյց, որուն կը մասնակցի աւելի քան 3 հազար անձ։ Թուրք կառավարութիւնը ստիպուած ազատ կ’արձակէ կալանաւորները, իսկ յետոյ՝ առանձին-առանձին դատաստան կը տեսնէ անոնց հետ։ 1841 թուականի Հոկտեմբերի 3-ին ճեմարանը կը փակուի, շէնքը կը վերածուի զինուորական հիւանդանոցի։ Երկարատեւ բողոքներէ ետք այդ շէնքը հայերուն կը վերադարձուի 1846 թուականին եւ թոյլ կը տրուի վերաբանալ ճեմարանը: