1988-ի Փետրուարի 20-ին Ստեփանակերտի մէջ Ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդի արտահերթ նիստին որոշում ընդունուեցաւ «Դիմել Ատրպէյճանական եւ Հայկական Խորհրդային Հանրապետութիւններու Գերագոյն խորհուրդներուն` անոնց միջնորդութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմէն Հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմ վերադարձնելու պահանջով»։ 

Մարզային խորհուրդի արտահերթ նիստը շարունակուեցաւ մէկ ամբողջ օր: Այդ ընթացքին հազարաւոր մարդիկ փողոցը, ձիւնի տակ կը սպասէին անոր որոշման: Արդէն ուշ գիշեր էր, երբ ժողովրդական պատգամաւորներն ընդունեցին պատմական որոշումը: Անոնք դուրս եկան սրահէն` միանալով հանրահաւաքի հազարաւոր մասնակիցներուն:

Աւելի ուշ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական պատգամաւոր Վաչագան Գրիգորեան ընթերցեց Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու արտահերթ Խորհուրդի 1988թ. Փետրուարի 20-ի որոշումը: 

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի ժողովրդական պատգամաւորներու մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանը 110 դէմ եւ 17 կողմ ձայներով հետեւեալ որոշումը  կ’ընդունի․ «Ընդառաջելով Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի աշխատաւորներու ցանկութիւններուն, խնդրել Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին եւ Հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին՝ խորին ըմբռնման զգացում դրսեւորել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իղձերուն եւ լուծել  Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմէն Հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմ յանձնելու հարցը, միաժամանակ միջնորդել Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդին առջեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Ատրպէյճանական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմէն Հայկական Խորհրդային Հանրապետութեան կազմ յանձնելու հարցը դրական լուծելու համար»:

Նոյն օրը հանրահաւաքներու ալիքը կը ծածկէ Երեւանն ու Արցախը։ Ճիշդ այդ օրը Երեւանի մէջ սկսած ցոյց` յաջակցութիւն արցախահայութեան: