
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն ամէնէն շատ տուժած քաղաքներէն մէկուն՝ Սամոսատի մէջ (Ատըեաման), որոնողա-փրկարարական աշխատանքները դադրեցուած են։ Փրկարարներն այժմ շրջակայքը կը մաքրեն փլատակներէ։ Ամենայն հաւանականութեամբ, փլատակներուն տակ հազարաւոր մարդոց դիակներ կան, որոնց մէկ մասը կամաց-կամաց դուրս կը բերուի։
Տակաւին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ տարածուած, թէ քանի շէնք քանդուած է, քանի անձ զոհուած է կամ վիրաւորուած եւ քանի անձ մնացած է փլատակներու տակ։
Հակառակ անոր, որ երկրաշարժէն անցած է 14 օր, Սամոսատի մէջ տակաւին կան հարիւրաւոր կառոյցներ, որոնց աւերակներն այդպէս ալ կը մնան։ Զոհուածներու յուսահատ հարազատները տակաւին կը սպասեն, սակայն անոնց յոյսը անցնող ժամերուն հետ կը մարի։ Սամոսատի զգալի հատուածի մը մէջ չկայ ջուր, չկայ ելեկտրականութիւն։ Ալպստան գաւառին մէջ, ուր եղանակը նուազած է մինչեւ նուազ 22 աստիճան, մարդոց տակաւին կացարան չէ յատկացուած։ Երկրաշարժէն տուժածները այստեղ կարիք ունին բաղնիքներու, մաքրող պարագաներու, վրաններու, ջեռուցման սարքաւորումներու։
Յիշեցնենք, որ Հայ Ճամբան եւս կը կազմակերպէ անհրաժեշտ իրերու եւ նիւթական միջոցներու հաւաքագրում, որպէսզի իրականացնէ համապատասխան օգնութեան տրամադրումը: