
Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան Փետրուարի 18-ին դիմաւորած եւ փաստահաւաք առաքելութեամբ Սիւնիք ժամանած՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ)՝ Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման դիտարկման պատասխանատու համազեկուցողներ Քիմմօ Քիլիունէնը՝ Ֆինլանտիայէն եւ Պորիանա Օպըրկը՝ Շուէտէն, եւ ուղեկցած անոնց։
Համազեկուցողները հանդիպած են Բերձորի ճանապարհի փակ ըլլալուն պատճառով Սիւնիք ապաստանած արցախցիներուն հետ։
«Այստեղ ենք փաստահաւաք առաքելութեամբ՝ պարզելու, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի Սիւնիք-Արցախ ճանապարհին։ Կ’ուզենք լսել ձեզ, հասկնալ ձեր ապրումները, որպէսզի ներկայացնենք մեր զեկոյցներուն մէջ», — անոնց ըսած է Քիմմօ Քիլիունէն։
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչներն այցելած են նաեւ Գորիսի տարածաշրջանն Արցախին կապող ճանապարհի անցակէտը եւ արձանագրած մայրուղիին փակ ըլլալը։