
Պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մասին կենսագրական ֆիլմ պիտի նկարահանուի:
Ֆիլմի բեմադրիչներն են ազգութեամբ հայ Արէն Փերտէճի եւ թուրք Էլա Ալմայանաճ: Վերջինները 2015-ին գլխաւորած էին Հայերու Ցեղասպանութիւնը որպէս տեղահանութիւն ներկայցնող թրքական արտադրութեան առաջին լիամեթրաժ ֆիլմի՝ «Կորուսեալ թռչուններ»ու բեմադրական աշխատանքը:
Տակաւին յայտնի չէ, թէ ով պիտի մարմնաւորէ Կիւլէրի կերպարը:
Արա Կիւլէր ծնած է 1928թ. Օգոստոսի 16-ին Կ. Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ։ Ան յայտնի է «Սթամպուլի աչք», «Սթամպուլի լուսանկարիչ», «Ակնթարթի որսորդ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «անգերազանցելի լուսանկարիչ պատմաբան» պատուանուններով։ Կիւլէր իր գործունէութեան ընթացքին լուսանկարած է այնպիսի հեղինակաւոր անձեր, ինչպիսիք են Ուինսթըն Չերչիլ, Մարիա Քալաս, Սալվատոր Տալի, Փապլօ Փիքասօ, Ինտիրա Կանտի եւ այլք։ Կ. Պոլսոյ մէջ գտնուող անոր հայրական տունը վերածուած է տուն-թանգարանի, իսկ առաջին յարկը գտնուող «Արա» սրճարանը նշանաւոր արուեստագէտներու հաւաքատեղի է։ Արա Կիւլէր մահացած է 2018 թուականի Հոկտեմբերի 17-ին եւ յուղարկաւորուած է Կ. Պոլսոյ Շիշլի թաղամասը գտնուող հայկական գերեզմանատան մէջ։