
Միսաք Մանուշեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ նահանգի Սամոսատ քաղաքը: 1915թ. հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան ժամանակ զրկուած է ծնողներէ: Եղբօր հետ յայտնուած է Սուրիա։ 1925թ. տեղափոխուած է Ֆրանսա, սկիզբը Մարսէլ ապա՝ Փարիզ: 1935-37թթ Փարիզի մէջ խմբագրած է «Զանգու» շաբաթաթերթը, ուր տպագրած է նաեւ իր բանաստեղծութիւնները: 1935թ-էն եղած է Հայ օգնութեան կոմիտէի, իսկ 1937թ-էն՝ ՀՕԿ կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Անոր բանաստեղծութիւնները տպագրուած են սփիւռքահայ մամուլի էջերուն 1930-ականներու սկիզբներէն։ Եղած է ֆրանսական դիմադրութեան շարժման մարտիկ, հեղինակած է բազմաթիւ հայրենասիրական, քաղաքական եւ քնարական բանաստեղծութիւններ: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի առաջին ամիսներուն, երբ Գերմանիա նուաճած էր եւրոպական շարք մը երկիրներ, շատերիու հետ նոյնպէս ձերբակալուած ու նետուած է համակեդրոնացման ճամբար: Երեք ամիս անց փախած է ճամբարէն, վերադարձած Փարիզ եւ կնոջ՝ Մելինէ Մանուշեանի հետ աշխոյժ կերպով մասնակցած գերմանական զաւթիչներու դէմ ֆրանսացի հայրենասէրներու մղած պայքարին: 1943թ. նշանակուած է Փարիզի եւ անոր շրջակայքի ազատ հրաձիգներու եւ պարտիզանական ջոկատներու հրամանատար ու մատնութեամբ ձերբակալուած է, իսկ երեք ամիս անց իր խումբի 21 անդամներուն հետ միասին մահապատիժի ենթարկուած է Փարիզի Սիւրէն արուարձանի Ֆորթ Մոն-Վալերիէն ամրոցին մէջ:
Մանուշեանի անունով փողոցներ, դպրոցներ, պուրակներ կոչուած են Փարիզի, Մարսէլի եւ Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ, կանգնեցուած են յուշարձաններ: Արժանացած է Ֆրանսայի Ազգային հերոսի կոչման, յետմահու պարգեւատրուած Է Ֆրանսայի «Պատւոյ լեկէոն» շքանշանով: 2009թ. Մանուշեանի եւ անոր մարտական ընկերներիուն մասին ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպէր Կէտիկեան նկարահանած է «Ոճրագործութեան բանակ» ֆիլմը:
