Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի հերթափոխի պետ, փրկարար ծառայութեան փոխգնդապետ Գարիկ Աղրամանեան ամփոփ ներկայացուցած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ աղէտի գօտիին մէջ կատարուած աշխատանքը։ 

Գարիկ Աղրամանեան այսպէս ներկայացուցած է փրկարարներու աշխատանքը․ «Հայ փրկարարները տեղակայման կայան ծաւալեցին Արեւմտեան Հայաստանի Ատըեաման քաղաքին եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ Աղէտի գօտիին մէջ շուրջ մէկ շաբաթ տեւած որոնողա-փրկարարական գործողութիւններու արդիւնքով, միջազգային որակաւորում ունեցող հայկական որոնողա-փրկարարական խումբերը համագործակցելով տեղի եւ միջազգային այլ խումբերու հետ, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ աղէտի գօտիէն փլատակներէն դուրս բերած են 3 տուժած։ Լայնածաւալ որոնողական խումբերով աշխատանքներու արդիւնքով երկու երկիրներուն մէջ փլատակներէն դուրս բերած են զոհերու 20 մարմիններ։

Հալէպի մէջ հայ փրկարարները որոնողա-փրկրարական աշխատանքներուն զուգահեռ տեղի հայ համայնքին համար կազմակերպած եւ իրականացուցած է ուսուցողական դաս՝ «Ինչպէ՞ս գործել երկրաշարժի պարագային» խորագիրով»։

Արեւմտեան Հայաստանը իր երախտիքի խօսքը կ’արտայայտէ այս առիթով, նշելով, որ շատ կարեւոր առաքելութեամբ հայերը կը գտնուէին այնտեղ, քանզի հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութենէն ետք, բազմաթիւ հայեր ստիպուած եղան գաղթել դէպի Սուրիա եւ բնակութիւն հաստատել այնտեղ։ Այս ոչ միայն մարդասիրական մեծ օգնութիւն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներուն հանդէպ ցուցաբերուած աջակցութիւն։