Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է․

«Քանի տակաւին մեր ժողովուրդը վերջնականօրէն չէ հասած Արցախեան շարժման հիմնական նպատակներուն, շարժումն ու պայքարը շարունակական են, եւ այդ նպատակներու հարցին մէջ որեւէ նահանջ չի կրնար ըլլալ:

Արցախը յաւերժ պիտի մնայ  հայկական՝ հայ ժողովուրդի միահամուռ կամքին ու ջանքին միջոցով, իսկ արցախցին սեփական հողին վրայ երբեք պիտի չկքի օտար լուծի տակ: Ամրութիւն ու սեփական ուժերու եւ ապագայի նկատմամբ հաւատք կը մաղթեմ յատկապէս շրջափակման ներքոյ գտնուող իմ հայրենակիցներուս»։

Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէ պայքարը Հայաստան պետութեան մէկ մասին՝ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի կողմէ Եւրոպական դատարանի մէջ կան նախաձեռնուած դատեր ըննդէմ Ատրպէյճանի՝  քանի մը կարեւոր կէտերով, որոնցմէ մէկն ալ բնիկ հայերու իրաւուքներու վերականգնումն է Արցախի հողին վրայ։