
Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Հաւր քաղաքի քաղաքապետ Էտուարտ Ֆիլիփ Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի ճանապարհի շրջափակումը կը համարէ անօրինական, իսկ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքներէն բռնազաւթելու փաստին առիթով կը շեշտէ, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը սակարկելի չէ ու պէտք է պաշտպանուի: Էտուարտ Ֆիլիփ նաեւ կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանի մէջ մինչեւ օրս պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին հայրենիք:
Ան մասնաւորապէս նշած է․ «Արդէն 70 օրէ աւել շարունակուող շրջափակումն անօրինական է: Ատրպէյճան առանց պատճառի մարդասիրական ճգնաժամ կը ստեղծէ, իսկ Ռուսիա ոչինչ կը ձեռնարկէ խնդիրը լուծելու համար։ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը սակարկելի չէ ու պէտք է պաշտպանուի: Բաւական երկար ժամանակ Եւրոպական միութիւնը շատ հեռու էր: Ես հիմա հանգիստ եմ, որ Հայաստանի մէջ կը տեղակայուի ԵՄ առաքելութիւնը, որ կրնայ դրական դեր ունենալ խաղաղ բնակչութիւնը հանգստացնելու համար: Բոլոր ռազմագերիները պէտք է վերադարձուին հայրենիք, իսկ անհետ կորսուած անձերու ճակատագիրը պէտք է պարզուի: Անհրաժեշտ է նաեւ լիարժէքօրէն պահպանել ու պաշտպանել տարածաշրջանի մշակութային ժառանգութիւնը։ Դեռ շատ կատարելիքներ կան՝ խթանելու ֆրանսա-հայկական յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը»։
Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Հաւր քաղաքի քաղաքապետ Էտուարտ Ֆիլիփի յայտարարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով որ Ֆրանսա նոյնպէս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր է, եւ այդ առումով կան որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք պէտք է կատարուին, Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրին մէջ։