Արեւմտեան Հայաստանի Ալեքսանտրէթ քաղաքը իր գոյութեան ընթացքին ձեռքէ ձեռք անցնելով՝ տարբեր անուններ ստացած է, որոնք են՝ Ալեքսանտրեթթէ, Ալեքսանտրիա, Իսկենտերուն, Կատիսոն եւ այլն։ Ներկայիս՝ բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը կրէ Իսքենտերուն անուանումը:

Քաղաքը հիմնադրուած է Ն.Ք. 4րդ դարուն՝ Ալեքսանտր Մակեդոնացիի կողմէ՝ ի պատիւ պարսիկներուն դէմ տարած յաղթանակին։

1097թ-ին Ալեքսանտրէթ գրաւուեցաւ խաչակիրներու կողմէ, իսկ այնուհետեւ այն մտաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան կազմ։ Ըստ արաբ պատմիչ Մարքիզիի Ալեքսանտրէթ եղած է Կիլիկիոյ առաջին քաղաքը։

17րդ դարուն Ալեքսանտրէթ արդէն անցած է թրքական տիրապետութեան ձեռքը։ Քաղաքը կը գտնուէր յարմար ծովախորշի ափին, անոր համար ալ քաղաքին դերը որպէս նաւահանգիստ՝ ժամանակի ընթացքին կ’աճի։ Մինչեւ 1915թ-ի Մեծ Եղեռնի տարիները հայերը կը զբաղէին արհեստներով, այգեգործութեամբ եւ պարտիզպանութեամբ։ Քաղաքին մօտակայքը կան նաւթի պաշարներ։ 

Քաղաքն ունէր եւրոպական ոճով կառուցուած տուներ։ Ալեքսանտրէթի մէջ կը գտնուէին Քառասուն Մանկունք եւ Ս. Խաչ հայկական եկեղեցիները։ Քաղաքին մէջ կար 4 հայկական վարժարան։

Ալեքսանտրէթի շրջակայքը կային հայաբնակ գիւղեր, որոնց ողջ հայութիւնը թուրքերու կողմէ զանգուածաբար ոչնչացուեցաւ 1915-1920 թուականներուն։

2023 թուականի Փետրուարի 6-ին տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժին արդիւնքով հսկայական վնասներ կրեց նաեւ Ալեքսանտրէթ քաղաքը, բազմաթիւ մարդիկ զոհուեցան, այդ թուին՝ հայազգի բնակիչներ: