
Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ նահանգին մէջ գրանցուած երկու խոշոր երկրաշարժերէն ետք, որոնցմէ տուժած են 11 նահանգներ, եւս երկու երկրաշարժ տեղի ունեցած է Կիլիկիոյ մէջ (Հաթայի նահանգ)։ Տեֆնէ գաւառին մէջ գրանցուած 6,4 աստիճան երկրաշարժէն ետք 5,8 աստիճան երկրաշարժ գրանցուած է Սամանտաղի մէջ։ 3 վայրկեան ընդմիջումներով գրանցուած երկրաշարժները զգացուած են բազմաթիւ քաղաքներու մէջ։ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը աւելի վաղ զգուշացուցած էր վթարային շէնքեր մուտք չգործել։ Այնուամենայնիւ կան մեծ թիւով վիրաւորներ եւ 6 զոհ։ Որոնողա-փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն յայտնած են, որ վնասուած է Վագըֆլը գիւղի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ զանգակատունը եւ պատերը։ Վնասներ կրած է նաեւ նախկին հիւրանոցին պատը։
Երկրաշարժէն տուժած է նաեւ Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաքը։ Բնակչութիւնը լքած է իր բնակարանները։ Փետրուարի 6-ի երկրաշարժէն արդէն իսկ վնասուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին աւելի վնասուած է։
Արեւմտեան Հայաստանը, հաշուի առնելով երկրաշարժի կրկնութեան վտանգը, կը հորդորէ մեր բնակչութեան պահպանել անվտանգութեան կանոնները, իսկ առաւել հրատապ խնդիրներու պարագային կապ հաստատել մեր հետ։