
Հայկական 18 ընկերութիւններ «Հայաստան» միասնական տաղաւարի ներքոյ կը ներկայացնեն տեղեկատուական, պաշտպանական եւ ռազմական նշանակութեան տեխնոլոկիաներու, ճարտարապետական լուծումներու ուղղութեամբ Հայաստանի վերջին ձեռքբերումներն ու ներուժը: Ցուցադրուած են ոչ միայն պատրաստ արտադրանքներ, այլ նաեւ նորարարական նախագիծեր:
«ԱՅՏԵՔՍ» պաշտպանական տեխնոլոկիաներու միջազգային ցուցահանդէսը կը համարուի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանին մէջ ամէնէն հեղինակային եւ ռազմավարական կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկը, կը համախմբէ պաշտպանական արդիւնաբերութեան առաջատար եւ հեղինակաւոր ղեկավարները, ինչպէս նաեւ տարբեր նորարար տեխնոլոկիական ընկերութիւնները, տեխնոլոկիական ոլորտի յայտնի փորձագէտները: Միջոցառումը կը կազմակերպուի երկու տարին անգամ մը, բաղկացած է համաժողովէ եւ ցուցահանդէսէ, որոնց նպատակն է ստեղծել հարթակ՝ քննարկելու ոլորտի վերջին զարգացումները, միտումներն ու նորարարական լուծումները, որոնք պիտի ուղեկցուին ոլորտի լաւագոյն փորձի եւ ձեռքբերումներու ցուցադրմամբ: