Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան գործուղուած է Հոլանտա՝ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Հայաստանի կողմէ «Բերձորի ճանապարհ»ի ապաշրջափակման վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու պահանջին մասին որոշման հրապարակման մասնակցելու նպատակով:  Որոշումը պիտի հրապարակուի Փետրուարի 22-ին, Երեւանի ժամանակով 19:00-ին։

Յիշեցնենք, որ Հայաստան պահանջած էր կիրառել հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները՝

• Ատրպէյճան պէտք է դադրեցնէ ենթադրեալ «բողոքի ցոյցեր»ու կազմակերպումն ու աջակցութիւնը, որոնք կ’արգելափակեն անխափան ազատ տեղաշարժը Բերձորի ճանապարհին երկու ուղղութիւններով:

• Ատրպէյճան պէտք է ապահովէ բոլոր մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռի անխափան ազատ տեղաշարժը Բերձորի ճանապարհի երկայնքով երկու ուղղութիւններով:

• Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ ամբողջութեամբ վերականգնէ եւ ձեռնպահ մնայ Արցախի մէջ  բնական կազի եւ այլ ծառայութիւններու մատակարարումը խափանելէ կամ խոչընդոտելէ։

Այնուամենայնիւ, կարելի է յուսալ, որ դատարանը պիտի յիշէ 1920թ. Արցախի՝ որպէս Հայաստանի անբաժան մաս իրական կարգավիճակին վերաբերեալ միջազգային պայմանագիրները եւ մասնաւորապէս Սեւրի դաշնանագիրը։ Հակառակ պարագային, Ատրպէյճան պիտի շարունակէ իր թշնամական քաղաքականութիւնը հայ բնիկ ժողովուրդին նկատմամբ։