
Հօրս ընտանիքը գաղթած է Արեւմտեան Հայաստանէն՝ Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան տարիներուն, իսկ մայրս ներգաղթեալ էր առանց փաստաթուղթերու, «Instagram»ի իր էջին գրած է «Reddit»ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան՝ «Forbes» ամսագիրին տուած իր հարցազրոյցի մեկնաբանութեան մէջ։
«Առաջին անգամ, երբ 2010 թուականին ես հեռացայ «Reddit»էն, 4 ամիսով կամաւոր աշխատեցայ Հայաստանի մէջ «kiva.org» կայքին հետ։ Ես պէտք է իմաստ գտնէի, եւ այդ իմ աշխատանքային կեանքիս ընթացքին կայացուցած լաւագոյն որոշումներէս մէկն էր»,- նշած է ան:
«Օհանեանի նախնիները սպաննուած են Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան ժամանակ, եւ անոնց ունեցուածքը բռնագրաւուած է։ Այս սերունդներու ողբերգութիւնն է:Ալեքսիսի ամէնէն վաղ յիշողութիւններէն է անոր մեծ տատիկ Վերան, որ իր վեցերորդ տարեդարձին մանրամասն պատմած է, թէ ինչպէս իր մեծ տատիկն ու հօրեղբայրը սպաննուած են Հայերու Ցեղասպանութեան ժամանակ՝ Սուրիոյ անապատէն անցած ժամանակ։ Մանկութեան տարիներուն իր նախապապը՝ Աւետիս, տեսած է, թէ ինչպէս թուրք զինուորները գլխատած են իր ծնողները, երբ ցանկացած են բռնել զինք։ Փոքրիկը ուղարկած են Պոլսոյ որբանոց, մինչեւ որ հասցնէր իր ճանապարհը գտնել…»,- նշուած է Օհանեանի հարցազրոյցի նախաբանին մէջ։