ԵՊՀ արեւելագիտութեան ճիւղի գիտական խորհուրդին երաշխաւորութեամբ եւ թրքագէտ, պատմական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսոր, ԵՊՀ արեւելագիտութեան  ճիւղի ղեկավար Ռուբէն Մելքոնեանի եւ թրքագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Նայիրա Պօղոսեանի համահեղինակութեամբ լոյս ընծայուած է «Հայկական հարցն ու հայերու Ցեղասպանութեան խնդիրը թուրք բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու յուշերուն մէջ» (19րդ դարու վերջ- 20րդ դարու կէսեր) աշխատութիւնը։ 

Գիրքին մէջ ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ  քաղաքական, ռազմական կեանքին մէջ 19րդ դարու վերջէն մինչեւ 20րդ դարու կէսերը աշխոյժ դեր ունեցած գործիչներու այն յուշերը, որոնք կը վերաբերին Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան ու Հայկական հարցին: Գիրքի հեղինակներուն կողմէ այդ յուշերը վերլուծութեան ենթարկուած են պատմական իրադարձութիւններու եւ իրավիճակի համապատկերին մէջ, ընդգծուած են անոնց մէջ առկայ ցեղապաշտական, ցեղասպան մտածողութեան ցայտուն դրսեւորումները: 

Ուսումնասիրութեան ելեկտրոնային տարբերակը հասանելի է ԵՊՀ կայքէջին՝http://publishing.ysu.am/files/Melkonyan_Poghosyan.pdf ։