
Կիլիկիոյ ուսումնագիտական կեդրոններուն յատուկ եղած է լեզուներու ուսուցման բարձր մակարդակը, քանի որ աշխարհագրական դիրքը, ծովային առեւտուրը օտար լեզուներու իմացութեան անհրաժեշտ պահանջ կը դառնայ։ Կիլիկիոյ թագաւորները, անգամ թագուհիները մեծապէս աջակցած ու հովանաւորած են ուսումնագիտական ձեռնարկումները։ Մլեհ իշխան հիմնադրած է Մեծքար ուսումնագիտական կեդրոնը, որուն յետագայ հովանաւորը եղած է Լեւոն Բ. թագաւորը։ Այս բնագաւառին աջակցած ու այն հովանաւորած են Հեթում Ա. Թագաւորն ու անոր կինը՝ Զապէլ թագուհին։
Կիլիկիոյ առանց ցնցումներու գոյատեւումը մեծ պատուար էր Հայաստանի, անոր մտաւոր կեանքի պահպանման ու զարգացման համար։ Սերտ համագործակցութիւն գոյութիւն ունէր մշակոյթի գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն, այդ թուին՝ կրթութեան ոլորտին մէջ։
Միջնադարեան համալսարաններուն կամ բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ կ’աշխատէին, կ’ուսուցանէին ժամանակի նշանաւոր փիլիսոփաներ, աստուածաբաններ, մատենագիրներ, պատմաբաններ, բնական գիտութեան ներկայացուցիչներ։ Անոնք խոր եւ բազմակողմանի գիտելիքներ կու տային իրենց սաներուն։ Այդ դպրոցները միաժամանակ ե՛ւ ուսումնական, ե՛ւ գիտական կեդրոններ էին։
Արեւմտեան Հայաստանի կրթութեան ոլորտին մէջ կատարուող յառաջադիմութիւնը կ’ընթանար ամբողջ երկիրը համակած մշակութային ընդհանուր վերելքի պայմաններուն մէջ։