Հայաստանի մէջ շուտով պիտի բացուի «Հայրենադարձներու համաձուլման կեդրոն»ը, որ կը հիմնուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ: Այն պիտի տեղակայուի Երեւանի մէջ, հասցէն է՝ Հանրապետութեան 37: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ  «Հայրենադարձներու համաձուլման կեդրոն»ի ստեղծման ծրագիրի համակարգող Մարգարիտա Պաղտասարեան տեղեկացուցած է, որ յատկացուած համապատասխան տարածքի շինարարական աշխատանքներն արդէն կը մօտենան աւարտին:

«Մեր հիմնական գործընկերն է  «Հրայր եւ Աննա Յովնանեան» հիմնադրամը եւ ես կը կարծեմ, որ գարնան վերջը պիտի կարողանանք մեր դուռերը բանալ հայրենադարձներուն առջեւ։ Մեր նպատակն է այնպէս գործել, որ հայրենադարձները արագ ու դիւրին համաձուլուին Հայաստանի մէջ: Բուն մեր աշխատանքը պիտի ըլլայ  այն, որ հայրենադարձութեամբ հետաքրքրուող, նաեւ՝ արդէն Հայաստան տեղափոխուած մեր հայրենակիցներուն օգնենք, աջակցութիւն եւ խորհրդատւութիւն տրամադրենք մէկ տեղէ: Ահա այս կեդրոնը պիտի կանգնի անոնց կողքը»,- յայտնած է Մարգարիտա Պաղտասարեան:

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ յանձնակատարի այս նախաձեռնութիւնը, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ  վերջին աւերիչ երկրաշարժէն ետք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ իրենց տուները կորսնցուցած շատ հայեր պիտի տեղափոխուին նաեւ ՀՀ՝ ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութեան համար։ Մենք համագործակցութեան պատրաստակամութիւն կը յայտնենք, գործընթացն առաւել դիւրին կազմակերպելու համար։