
2023 թուականի Փետրուարի 6-ին տեղի ունեցած հզոր երկրաշարժէն երկրի ընդերքին մէջ հսկայ ճեղք գոյացած է։ Երկրաշարժին հետեւանքով Անտիոքի շրջանին մէջ (Հաթայ) գոյացած է մօտ 30մ խորութեամբ եւ մօտ 200մ լայնքով կիրճ։Յիշեցնենք, որ Անտիոք քաղաք է Սուրիոյ մէջ, Որոնտէս գետի ափին: Հելլենիստական, այնուհետեւ՝ քրիստոնէական միտքի եւ մշակոյթի կեդրոններէն, ընդհանրական եկեղեցւոյ հինգ տիեզերական աթոռներէն։ Իր մեծութեամբ եւ կարեւորութեամբ եղած է երրորդ քաղաքը Հռոմէն եւ Ալեքսանդրապոլէն ետք: Հայոց արքայ Տիգրան Մեծ Ն.Ք. 83–69-ին Անտիոքը դարձուցած է Հայոց տէրութեան հարաւային. թագաւորանիստը, ուր իր անունով ու պատկերով արծաթեայ դրամներ հատուած են: