Տարագիր հայերու կրթական կառոյցներու շարքին ուրոյն տեղ ունի հայկական Սփիւռքի միակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը:

Հայ աւետարանչական ուսումնական հաստատութիւններն ունեցած են կարեւոր դեր տարագիր հայութեան կրթութեան ասպարէզին մէջ, բան մը, որ լաւագոյնս կը դրսեւորուի Հայկազեան համալսարանի գործունէութեան մէջ:

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը հիմնադրուած է 1955թ., որպէս ուսումնարան, անգլերէն ուսուցմամբ: Այն իր անունը ստացած է ի պատիւ Քոնիոյ ճեմարանի նախկին ուսուցչապետ Արմենակ Հայկազեանին:

Սկզբնական շրջանին կրթօճախը կը կոչուէր քոլէճ: 1966թ. Մարտի 25-ին Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւնը Հայկազեան քոլէճը ճանչցաւ որպէս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն:
Ուսումնարանին շնորհած արուեստի եւ գիտութեան պաքալորիոսի աստիճանը հաւասարեցուեցաւ Լիբանանի համալսարանին շնորհած աստիճանին: Արդէն 1996թ. Հայկազեան ուսումնարանն իրաւունք ստացաւ իրականացնելու մագիստրոսական կրթական ծրագիրներ եւ կոչուեցաւ Հայկազեան համալսարան: Համալսարանի շրջանաւարտները կը ստանան պաքալորիոսի եւ մագիստրոսի աստիճաններ, որոնք ճանչցուած են Լիբանանի կառավարութեան եւ ամերիկեան ուսումնարաններու եւ համալսարաններու միջազգային ընկերակցութեան կողմէ:

Որպէս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն՝ մեծ է համալսարանին դերը Լիբանանի հայկական համայնքին կեանքին մէջ, որ կ’արտայայտուի ինչպէս ուսանողներուն ժամանակակից անհրաժեշտ գիտելիքներու փոխանցմամբ, այնպէս ալ անով, որ կ’ապահովէ հայոց լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին անոնց հաղորդակցութիւնը: