
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը ուղարկած է Սուրիա, կը յայտնէ ՀՀ ԱԻՆ մամլոյ ծառայութիւնը։
Ախելի վաղ, յայտնած էինք, որ աւերիչ երկրարշարժէն տուժած շրջաններուն մարդասիրական օգնութեան երրորդ խմբաքանակը հասցնելու նպատակով ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մեկնի Սուրիա: Բեռը ներառած է սնունդ եւ դեղորայք: Այն Սուրիա ուղարկուած է Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանը նոյնպէս կ’իրականացնէ մարդասիրական օգնութիւն: Այս նպատակով դուք նոյնպէս կրնաք ձեր ներդրումն ունենալ դժուարին կացութեան մատնուած Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներուն օգնելու գործին մէջ։ Նիւթական օգնութեան համար կրնաք փոխանցում կատարել «Հայ Ճամբայ» միութեան հետեւեալ հաշուեհամարին- FR76 3000 4000 6600 0100 3337 867