Թուրքիոյ մէջ գործող քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (HDP-ԺԴԿ) նախկին համանախագահ, այժմ բանտարկուած Սելահաթթին Տեմիրթաշ ներքաղաքական խնդիրներու մասին զրուցած է թրքական «T24» հեռուստակայանի լրագրողին հետ:

Ան նշած է, որ ընտրութիւնները չեն կրնար յետաձգուիլ, ընտրութիւնները յետաձգել կը նշանակէ յեղաշրջում կատարել, եւ ինչպէս Յուլիսի 15-ին (նկատի ունի 2016 թուականի Յուլիսի 15-ի յեղաշրջման փորձը-խմբ․), ժողովուրդին մէջ պիտի արթննայ ընդդիմանալու ցանկութիւնը։

«Ընտրութիւնները քաղաքական կուսակցութիւնները չեն կազմակերպեր, այլ՝ ժողովուրդը։ Այդ իսկ պատճառով ընտրութիւն կատարելը ժողովուրդին իրաւունքն է, ոչ թէ քաղաքական գործիչներուն։ Ոչ ոք ժողովուրդին իրաւունքը կրնայ չեղարկել կամ յեղաշրջմամբ գողնալ»,- պարզաբանած է Տեմիրթաշ։

Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ թրքական իշխանութիւններուն՝ առհասարակ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ անօրինական ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշումը։ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները ոչ միայն բռնազաւթուած են Թուրքիոյ կողմէ, այլեւ երկրաշարժին պատճառով մարդիկ յայտնուած են ծայր աստիճան վատ վիճակի մէջ։